2016-01-19 09:36:00

Հայաստանի մէջ օրէնքով պիտի արգիլուի յղութեան` սեռի հետ կապուած արհեստական ընդհատումը


ՀՀ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուցած է «Մարդու վերարտադրողական առողջութեան եւ վերարտադրողական իրաւունքների մասին» ՀՀ  օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին, «Վարչական իրաւախախտումների վերաբերեալ» ՀՀ օրէնսգրքին մէջ լրացումներ օրէնքներու նախագիծերուն փաթեթը, որմով կ՝առաջարկուի արգիլել սեռի հետ կապուած յղութեան ընդհատումը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Իբրեւ հիմնաւորում կը նշուի այն հանգամանքը, որ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի տուեալներով ծնունդներու բնականոն սեռային յարաբերակցութիւն կը համարուի 102-106 տղայ իւրաքանչիւր 100 աղջիկ նորածիններու հաշուով: Մինչդեռ «Նորածինների սեռերի անհամամասնութիւնը Հայաստանում. ժողովրդագրական տուեալներ եւ վերլուծութիւն» հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի մէջ այս յարաբերակցութիւնը էականօրէն խախտուած է, որ ի յայտ եկած է դեռ 1990-ական թուականներուն: Նման անհամամասնութեան ձեւաւորումը կապուած է ինչպէս հայ հասարակութեան մէջ տղայ երեխային նախապատւութիւն տալու, ընտանիքին եւ հասարակութեան մէջ տղու դերին եւ նշանակութեան մասին ձեւաւորուած պատկերացումներուն հետ, այնպէս ալ բժշկական ճարտարագիտութիւննրու զարգացման իբրեւ արդիւնք ապագայ երեխայի սեռը պարզելու հնարաւորութեան ստեղծումով: Ծնունդներու բնականոն համարուող սեռային յարաբերակցութեան շեղումները ներկայիս ՀՀ-ի մէջ վտանգաւոր սահմանագիծի հասած են եւ դարձած լուրջ ժողովրդագրական սպառնալիք: 2011 թուականի դրութեամբ անիկա կազմած է 114 տղայ նորածին` իւրաքանչիւր 100 աղջիկ նորածիններու հաշուով: Այս ցուցանիշով Հայաստանը յայտնուած է սեռի հետ կապուած յղութեան ընդհատման վատագոյն ցուցանիշներ ունեցող երկիրներու շարքին (Չինաստան, Հնդկաստան, Ատրպէյճան, Ալպանիա):
Աւելին, երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու պարագային այդ ցուցանիշը շատ աւելի բարձր է (2008-2012 միջին ցուցանիշը կազմած է` 164 տղայ 100 աղջկայ դիմաց): Խնդիրը յատկապէս արտայայտուած է մարզերու մէջ (Գեղարքունիք, Արագածոտն, Արմավիր): Ծնունդներու նման սեռային յարաբերակցութեան յետագայ շարունակման պարագային կը կանխատեսուի սեռական խզում, որուն իբրեւ արդիւնք մինչեւ 2060 թուականը չեն ծնիր 92932 աղջիկներ, որ իր հերթին պիտի տանի ծնունդներու թիւի առաւել կրճատման,  եւ իբրեւ հետեւանք բնակչութեան թիւի նուազման:

Օրէնսդրական փաթեթով կ՝առաջարկուի օրէնսդրօրէն արգիլել սեռի հետ կապուած յղութեան ընդհատումները, սահմանել յղութեան արհեստական ընդհատումներու կրճատման ուղղուած օրէնսդրական լրացուցիչ կարգաւորումներ եւ մեքենականութիւններ:

Ըստ ներկայացուցչական ազգային հետազօտութեան տուեալներու, ՀՀ-ի մէջ 2010 թուականին արձանագրուած յղութիւններու 29% աւարտած են յղութեան արհեստական ընդհատումներով, որոնց մօտ 4,2% եղած են կապուած երեխայի սեռին: Ներկայացուած նախագիծով կը նախատեսուի սեռի հետ կապուած յղութեան ընդհատումներու արգելքը օրէնքով ամրագրելու, ինչպէս նաեւ այլ օրէնսդրական լրացուցիչ կարգաւորումներու եւ մեքենականութիւններու սահմանումով եւ անոնց կիրառումով կանխարգիլել յղութեան չհիմնաւորուած արհեստական ընդհատումները, որուն իբրեւ արդիւնք կը նախատեսուի բարելաւել ոլորտին մէջ արձանագրուած ցուցանիշները:








All the contents on this site are copyrighted ©.